2013-09-25 12:31:48

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին Ընթացքին Ելոյթ Ունենալով`. «Իրանի Խօսքերուն Պէտք Է Հետեւին Քայլեր, Որոնք Թափանցիկ Եւ Ստուգելի Են» Ըսաւ Օպամա


Երէկ Նիւ Եորքի մէջ ընթացք առաւ ՄԱԿ¬ի ընդհանուր ժողովի 68¬րդ նստաշրջանը, որուն բացումը կատարելով` ՄԱԿ¬ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յայտնեց, որ «ամբողջ Միջին Արեւելքի կայունութիւնը վտանգուած է»: Ան ըսաւ, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է երաշխաւորէ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքերու վերահսկողութիւնն ու վնասազերծումը` աւելցնելով, որ ակնկալութեամբ կը սպասէ սուրիական քիմիական զէնքերուն վերաբերեալ ՄԱԿ¬ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումին:
Պան Քի Մուն ըսաւ, որ «Սուրիոյ մէջ միակ լուծումը քաղաքական փոխզիջումի միջոցով պիտի գոյանայ»` աւելցնելով, որ Սուրիոյ տագնապը ամբողջ շրջանին մէջ հարցեր կը ստեղծէ:
ՄԱԿ¬ի ընդհանուր քարտուղարը ողջունեց պաղեստինեւիսրայէլեան ուղղակի բանակցութեանց վերսկսումը:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա, որ միջազգային ղեկավարներու շարքին երկրորդ խօսք առնողն էր, յայտնեց, որ Իրանի կողմէ վերջերս կատարուած քայլերը պէտք է անոր հիւլէական ծրագիրին շուրջ «իմաստալից համաձայնութեան» մը հիմք կազմեն: Ան նշեց, որ այժմ խօսքերուն պէտք է հետեւին «քայլեր, որոնք թափանցիկ եւ ստուգելի են»:
Օպամա նկատել տուաւ, որ իր երկիրը կ’ուզէ Իրանի հիւլէական թղթածրարի հարցը խաղաղ միջոցներով լուծել, սակայն վճռակամ է Իրանի հիւլէական զէնքի տիրանալը կանխարգիլելու: «Արգելքները կրնան շատ մեծ ըլլալ, սակայն հաստատ կերպով կը հաւատամ, որ դիւանագիտական ուղին պէտք է փորձել», ըսաւ Օպամա` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի թելադրած է համաձայնութեան մը ձգտիլ







All the contents on this site are copyrighted ©.